ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ
Եկէք ընդունինք, որ ճակատագիր կոչուածը
անախորժ կատակ մըն է պարզապէս,
Երբեմն ալ՝ ճշմարիտ, հաճելի իրավիճակ։
Եկէք ընդունինք, որ մարդիկ այս աշխարհի
ծիծաղ գրգռող արարածներ են յաճախ,
Երբեմն ալ՝ ինքզինք գերազանցող հրաշք:
Եկէք ընդունինք, որ այս աշխարհը
լի՜ է թաքուն, չվերծանուող խորհուրդներով,
Երբեմն ալ՝ գեղանկարի մը նման վճիտ ու պարզ։
Եկէք ընդունինք, որ մենք, աշխարհն ու ճակատագիրը,
կը գտնուինք ներհակ վիճակներու մէջ,
Երբեմն ալ՝ ընդելուզուած, սուրճին ու շաքարին նման։
Եկէք ընդունինք, որ քանի կ’ապրինք, պիտի տուայտինք
թիթեռի մը նման,
այս անծանօթ, խորաթափանց անջրպետին մէջ,
Հարցադրումներու ծանր բեռ մը՝ մեր ուսերուն։
Եթէ ընդունինք այս բոլորը, ի՞նչ կը մնայ չպարզուած....
2010