ԻՄ ՍԷՐԸ…

Կ’ըսեն սէրը կոյր է։ Գուցէ։

Իսկ իմ սէրը ներգրաւուած յաղթերգութիւն է.

Վկայութիւն մը ականատեսի,

որ կը հաւատայ սոսկ իր աչքերուն,

իր հոգիի աղաղակող զեղումին,

Երբ կը տեսնէ ճշմարիտը, իր աչքերով հարազատ։

Իմ սէրը անհաւատին վերափոխուած խիղճն է.

վերադարձ մը արմատներուն

իր ուղեւորութենէն՝ երկա՜ր, թափառական։

Իմ սէրը նախապաշարուած չէ,

ոչ ալ նախատրամադրուած,

Այլ հարազատ արդիւնքը իր տեսածին միայն,

ու իր տեսածը գերո՜ղ էր իրաւամբ։

Ես տեսա՜յ։ Ահա ա´յն ատեն միայն հաւատացի՝

որ մերն իրաւաʹմբ ուրիշ է...

Որ Հայաստան աշխարհ կոչուած այս դրախտը,

իրաւա´մբ հրաշք մըն է հողեղէն...

Իր ոգեղէն սլացքով բարձրաթռիչ,

Իր հազարումէկ հնամենի վանքերով,

Հրաբխային իր ընդերքովը քարեղէն,

Ուր մշակը հրաշքի մը նման կը հնձէ իր հացը

հանապազօրեայ,

Ուր արիւնը կը վերածուի նռնենիները սնուցող

որդան կարմիրի,

Ու կը դառնայ հրաշագեղ բնանկարներու,

Մագաղաթեայ ձեռքերովն աստուածային։

Ո՜հ, այն ատեն հասկցայ, թէ նախանձը դարերու

ինչո՞ւ այդքան աւե՜ր էր գործեր հոն.

Ու ինչո՞ւ հայը միայն ատուե՜ր ու դաւուե՜ր է.

Ինչո՞ւ հայը միայն մաքառե՜ր ու ստեղծագործե՜ր է.

ու հաւատացեր երկնային զօրութեան

իր շինածը, գոյութիւնը պահպանելու.

Ինչո՞ւ այնքան սրբութիւննե՜ր է կերտեր, սպասեր,

ու այնքան տառապե՜ր։

Իմ սէրը սուրբ է, իմ սէրը անհո՜ւն է,

Իմ սիրտը հո՜ն է, լեռներուն վրայ մաքրամաքուր։

2004

ԲԱԳԻՆ, ԽԳ. տարի, Յունիս 2005, Թիւ 2, էջ 31։