ՁՕՆ ՄԱՅՐԵՆԻԻՆ

Դարերու փոթորկոտ խորքերէն

Տատանուող լաստի մը կրքոտ հեւքով

Կը քաշկռտես գոյութիւնդ տարուբեր,

Կարծես հրա՜շք մ’ըլլար հազուադէպ,

Պիտի ըսէի՝ սխրա՜նք մը աննախադէպ։

Կը կռուիս, կը սիրես, կ’աղօթես օրն ի բուն,

Կը նուաճես, կը պարտուիս, կը տոկաս պարզապէս

Առանձին՝ վաշտեր ու զրահ չունիս ապաւէն,

Լոկ Մեսրոպի հաւատքը քեզի կը ներշնչէ անմահութիւն։

Իմ լեզու բարի´, խորհրդաւոր ինչպէս Նարեկացի,

Աղօթքի խոնարհ մրմունջ, սիրոյ վճիտ հուր,

Կռունկի երգ տխուր ու անլռելի ղօղանջ վրիժառու,

Մաքառումի անսպառ կամք,

Հպարտ դիւցազներգութիւն,

Դուն հողի բոյր ու կարօտ, ննջեցելոց խունկ մշտավառ.

Խայտաբղէտ ու պսպղուն հանքի մէջ ցանուած

Տեսակ մը քար՝ իւրայատուկ, անտաշ...

Մերթ փայլփլուն՝ ինչպէս ադամանդ անփշրելի

Ու մերթ անգոյն՝ անագի նման դիւրաբեկ...

Հայուն դժուար երթին դուն աղաղակող օրագրութիւն,

Անհուն ովկիանոսին մէջ անտեղիտալի մաքառում.

Երեսունվեց թիեր ոսկետառ հրաշք ուղեւորութեան,

Դէպի ուղիներ անծանօթ ու կռուաններ շողշողուն,

Հայեացքներդ միշտ յառած Արարատին՝

Որպէս տարուբերող լաստիդ պայծառ փարոս.

Կ’անցնին ժամանակները փոթորկոտ ու փոփոխուող,

Վատ թէ լաւ, տխուր թէ ուրախ պահերը մեր երթին,

Աւազին վրայ թէ քարին, մագաղաթին թէ մատեանին,

Կը մնան փորագրուած երեսունվեց տառեր հրաշագործ՝

Որպէս անջնջելի, նուիրական սխրանք իւրայատուկ։

2007