Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ՄԵՆՔ…
Ե՞րբ պիտի մենք վերջապէս սթափինք, խելքի գանք,
Ու նայինք հեռո՜ւն...հորիզոնէն անդի՜ն...ապագայի՜ն...
Նայինք գալիքին անծանօթ ու զգաստանա´նք,
Չգանք անակնկալի, մատնուելով ահ ու սարսափի...
Ե՞րբ պիտի մենք վերջապէս սթափինք, խելքի գանք։
Ե՞րբ պիտի մենք նայինք միջուկին, ոչ՝ կեղեւին,
Ե՞րբ պիտի մենք դադրինք ըլլալ միականի,
Աշխատինք՝ «մէկը ամբողջին ու ամբողջը մէկին»
Կարգախօսով, հաւաքական գործին հաւատացած...
Ե՞րբ պիտի մենք նայինք միջուկին, ոչ՝ կեղեւին։
Ե՞րբ պիտի ըսենք.- հայութի´ւն, հայրենի´ք ամէ՜ն բանէ վեր,
Ե՞րբ պիտի տեսնենք մե´րն ալ գեղեցիկ ու գերիվեր.
Ե՞րբ պիտի մենք զիրար բարձրացնենք մեր անձերէն վեր,
Ու մեր ցեղի յաղթանակը տեսնենք մեր յաղթութենէն վեր.
Ե՞րբ պիտի ըսենք.- հայութի´ւն, հայրենի´ք ամէ՜ն բանէ վեր։
Ե՞րբ պիտի վերջապէս մեր անցած փորձը կիրարկենք,
Մեր յաջողութիւնը՝ ցեղին փառքին վերածենք.
Անդուլ աշխատինք որ նուիրական պահենք
Մեր նահատակներուն զոհաբերումը թանկարժէք.
Ե՞րբ պիտի վերջապէս մեր անցած փորձը կիրարկենք...
2005