Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՆՔ...(ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱՅ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ)
Անորոշութեան այս դարուն,
Նոյնքան անորոշ եւ մա՛րդը
Կը խարխափէ անյոյս ճակատագրով մը,
Երբէք վստահ արշալոյսին,
Երբէք հասու ճշմարիտին:
Բռնկող աշխարհի մը տագնապներով
Նոյնքա՛ն կլանուած անոր էութիւնը՝
Կը շիջի բայց երբե՛ք չի բոցավառիր,
Կը մեռնի, տանելով իրեն հետ հարցադրումը՝
Անշքացած կեանքի մը նպատակին:
Բնութեան քարացած, մութ օրէնքները
Ոչի՛նչ կը խոստանան յուսադրական.
Արագութեամբ յատկանշուող այս դարը
Կը թաւալի յառաջընթաց... դէպի վերջը՝
Որ վախազդու է, բայց արդեօ՞ք փրկարար...
Ահա գլխաւոր հարցը՝ տիեզերական:
1983