ԱՆՈՆՑ ՀԱՄԱՐ
Բոլոր նահատակներուն
Անոնց համար որ ինկան գաղափարի սիրոյն,
Ստրկութեան ընդմէջէն վաղուան Արշալոյսը կերտելու,
Կը ձօնեմ երգ մը՝ հպարտութեան, յաւերժութեան:
Անոնց համար որ ինկան Նպատակի ճամբուն վրայ,
Խաւարի արհաւիրքը վանելու, ջահ մը վառելու,
Թող երգս համեստ անոնց լուսաւորութիւն ըլլայ:
Անոնց համար որ ինկան զէնքը ձեռին, հեռունե՜րը,
Արդարութեան սիրոյն, լռութեան պատը ճեղքելու,
Թող ոգին անոնց յաւէտ անմահ մնայ:
Անոնց համար որ ինկան անմխիթա՜ր, առանձին,
Իմացեալ մահով մեր երթը սրբագործելու,
Թող երգս համեստ դառնայ աղբիւր՝ մխիթարութեան:
1986