ԽԱՒԱՐԻՆ ՄԷՋ
Երբ խաւարին մէջ համայնական,
Գիշերապահի մը նման մշտարթուն,
Կը գիջանան աչքերն անոր խումար,
Զերդ աստղեր՝ խոնջած ու մտամոլոր,
Կը մտաբերէ աղմուկը՝ իր շուրջ բարձրացուած,
Դառն ու անողոք հալածանքը իր անձին,
Յիմար լլկումը ամէնօրեայ զոր իրն էր անկասկած,
Եւ բղձկումը յաճախակի, զոր քանդեց
շա~տ դիմակներ՝ իր դիմաց,
Զինք դրաւ մեղկ ճշմարտութեան դէմ յանդիման։
Զզուանքի սարսուռ պատեց էութիւնը ջլատ,
Հեծեծեց երկա~ր, դառն հառաչանքով.-
Ո~հ խեղճ մարդիկ, ապիկառ եւ ճղճիմ,
Արժէ՞ր միթէ ցաւի ճաշակն այս դառնահամ,
Եւ արժէ՞ր՝ աւազամրրիկն այս խօլական,
Երբ վաղ թէ ուշ պիտի խաղաղէր փոթորիկը,
Ու յիշատակ դառնար անցեալն իր հոգեսպան,
Երբ մարդիկ պիտի տեսնէին խարդաւանքը սուտին,
Ու վկայէին ճշմարտութիւնը բացայայտ…
Լիալուսին գիշերին մէջ,
Կը բղձկին զոյգ աչքեր շողշողուն,
Հէք ժպիտի մը ուրուագծումը անոր դէմքին՝
Կը ջրէ թալկացած վիշտերը երէկի։
Գիշերապահի մը նման մշտարթուն,
Կը գիջանան աչքերն անոր խումար,
Զերդ աստղեր պսպղուն ու դառնայուշ…։
Արշալոյսի շողերը կը ցրեն արցունքները՝
հէ~ք աղջկան։