ՀՐԱԲԽԱՅԻՆ ԺԱՅԹՔ

Երբ պոռթկաց իմ հոգին բորբ

Այս աշխարհի բազում ցաւերով յորդ,

Քար ու ճահիճ իմ հոգին

Դարձաւ արիւն, դարձաւ հեղեղ,

Վարար գետի նման հոսեցաւ ուժգին,

Մղումով մը կատաղի,

Մոլուցքով մը յորդառատ,

Ու տապալեց ժայռեր ամեհի՝ ճանապարհին,

Լուաց դաշտեր անջրդի,

Կածաններու խօլ արանքներէն քալեց հպա՜րտ՝

Երէկի ողջերթին,

Գալիքին ողջագուրման,

Եւ արեան մկրտութեան արարողակարգին՝

Խիզախ, ուրախ եւ հաստատակամ:

Եւ հեւքին մէջ շռնդալի,

Արիւնն իմ դարձաւ ընծայ դրոշմի,

Հիւլէներն ալ՝ միւռոն սրբահրաշ

Մկրտութեան հանդէսին,

Անողորմ ժամանակին, որ հոգեվարքի

Իր պահերը կ’ապրէր, վերջին:

2011

ԲԱԳԻՆ, ԽԹ. տարի, Յունուար-Մարտ 2011, էջ 33։