ԵՍ ՄԻՇՏ ՀՈ՜Ն ԵՄ

Աղջամուղջի մշուշոտ անձաւներու

Մանուածապատ խորքերէս,

Ահեղավազ նժոյգի մը նման,

Կ’արշաւես մտագար,

Շքեղ ու փարթամ դղեակիդ՝ լերան լանջին:

Կ’երթաս հեռո՜ւ, խրոխտ ու դղորդ դոփիւններով,

Հոգիիս տամուկ, տարտամ ուղիներէն,

Խանդոտ նայուածք մը ձգած իմ յիշաչար հոգիին,

Երբ ըղձանքիդ գերին, կը սպասէի անձկագին,

Ժամանումիդ կրկին:

Ո՜ւր կ’երթաս մօրէմերկ, հալածական այդպէս լուռ,

Անհուններուն անմատչելի ու տարօրէն անտարբեր,

Ո՞ր թիրախին ընդառաջ բացած ես սիրտդ խանդոտ:

Մի՞թէ մարեցան գրգանքներս երէկի,

Մի՞թէ թաղեցիր յուշերու մէջ անցեա՜լ մը թանկագին,

Թէ՞ զիս դարձուցիր անուրջներուդ իշխա՜նը գիշերային,

Որուն գուցէ ապաւինիս

Երբ կարճատեւ կայծերդ մարի՜ն...

Ես հո՜ն պիտի ըլլամ միշտ...

Աղջամուղջին մէջ անժամանակ գալիքին:

Երբ վերադառնաս տունդ հարազատ,

պիտի գտնե՜ս հոն զիս

Կանգնած՝ ճախրող ու անհեթեթ վազքիդ ներողամիտ:

Պիտի գտնես սիրտս բաբախուն,

կ’առկայծի՜ տակաւին,

Հակառակ ժամանակի խայտաբղէտ փորձութիւններուն,

Կը տրոփէ միշտ հի՜ն, նորո՜գ սիրոյն զարկերով անհուն:

2008

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 7-2008, էջ 46։