ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆ
Մարդոց հիմա անկեղծութիւն է պէտք,
Թէ չէ՝ սէ՜րը անհեթեթ պատրանք մըն է կարճատեւ։
Մարդոց հիմա անկեղծութիւն է պէտք
Անանձնական...ամբողջական անկեղծութիւն...
Ինքնահոս վտակին նման ջի´նջ անկեղծութիւն
Անապատի ջերմ, խանձող անկեղծութիւն
Թթուածինի նման մարդոց այսօր պէտք է անկեղծութիւն։
Մարդոց պէտք չեն երկնաքեր շէնքեր,
պատեր ամրակուռ՝ ինչպէս անառիկ բերդեր.
Պէտք է քանդել պատերը ձանձրոյթի,
պատնէշները՝ բաժանարար,
Ու ներշնչել հեւք մը անկեղծութիւն.
Թէ չէ՝ տուները շքեղ պիտի դառնան բանտախուցեր,
Ինչպէս փարախը մութ՝ անիծուած նախիրին։
Մարդոց հիմա անկեղծութիւն է պէտք
Ձիւնի փաթիլներուն նման տաքուկ ու շռայլ,
Թէ չէ՝ աշխարհը պիտի հարուածեն
Բուռն քամիները հիւսիսային բեւեռի,
Ուր շնչելն անգամ պիտի դառնայ պահանջք անկարելի։
Մարդոց անկեղծութիւն է պէտք
Թէ չէ՝ պատերն ամրակուռ պիտի փլին անոնց գլխուն,
Ու բեւեռացումն այս անշնչելի
Պիտի քանդէ մարդկութեան յոյսը վերջին...
Մարդոց ու աշխարհին անկեղծութի՜ւն է պէտք,
Ուրիշ ոչի´նչ...
2007