ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐԿԸ
Ազա՜տ, անկաշկա՜նդ ու հեռո՜ւ եմ հիմա,
Ամպերու ետին պահուըտած լուսնին նման,
Յոգնատանջ օրուան տաղտուկէն փախած,
Նետուած եմ գիրկը մայր բնութեան։
Կորսուած եմ անծայրածիր անջրպետին մէջ,
Զերդ աստղերու հոյլ մը պայծառ.
Կը թափառիմ լեռնէ լեռ, հովիտէ հովիտ,
Քաղցր ու մեղմիկ գիշերին մէջ ցայգային.
Ծառէ ծառ կ’ոստոստեմ երգեհոն սոխակի մը նման
Անմատոյց ըլլալու խաբկանքէն յագեցած.
Ակնթարթ մըն է վաղանցուկ, անյագ վայելքի։
Ի՞նչ է կեանքը. կարճատեւ ակնթարթ մը միայն.
Ի՞նչ ենք մենք. պլպլան ու աննշան աստղեր
Այս լայնածիր ու անեզր անջրպետին մէջ.
Ո՞վ ենք մենք. վկաներն այս ահագնութեան,
Աննշան հիւլէ մը, եթերին մէջ անհուն.
Թափառումներէ ետք յոգնասպառ,
Աստղաթոր երկնքի խորանին առջեւ
Կը խոկամ լո՜ւռ ու վերացա՜ծ,
Յաւիտենական լռութիւնն է անխուսափելի,
Որուն դիմաց ապրուած ամէն վայրկեան դիւթական,
Հեռացումն է այդ իրողութենէն վախճանական։
Ազատ եմ, հեռո՜ւ հիմա, պա՜հ մը միայն,
Դէպի ովկիանոս ուղղուող երերուն նաւուն նման։
2011