ԲԵՐԿՐԱՆՔ

Ահա օրերն իմ եռեւեփ

Կը սուրան ուղիներով տարբեր,

Ջերմի բռնուած հոգիիս նման։

Բայց քամին բախտի

Ետ կը հրէ զիս անընդհատ։

Ահա արեւը տաք ու պայծառ՝

Կը սողոսկէ հոգւոյս կիրճերէն ներս խոնաւ։

Խաբկա՞նք մըն է, ըսէ՜ք հաստատ,

Որո՞ւ է հասցէագրուած սա ժպիտը գերող,

Սա դէմքը, երազային ու փխրուն

Իմ ճամբա՞ն է խաչաձեւած, թէ՞ ուրիշին

Հոգիին է բերելու բերկրանք անսպառ։

Օ՜հ արե՜ւ, օ՜հ հրա՜շք տիեզերքի,

Սողոսկէ՜ մռայլ արահետներէն

Կարօտակէզ ու տամուկ հոգիէս ներս

Որպէս հպում, որպէս քնքշանք ու

զգլխանք քաղցրաբոյր։

Դուն պատրանքն ես, հաճելի՜,

Ես՝ բերկրանքիդ հուրով խորշակուած

Ծմակ ծղօտն եմ ամրան տապին։

Իսկ օրերս անշունչ արդէն կը սուրան՝

Դէպի իրենց գիշերին երկար։

2012

ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, թիւ 17, 2012, էջ 47: