ԲԱՒԻՂԻՆ ՄԷՋ
Եւ ահա ջերմ առաւօտ մը խոնաւ,
Թէ՞ տապ իրիկուն մը յուլիսեան,
Խորացանք կածաններով ոլորուն,
Փակուղի մը անել, անիծեա՜լ,
Եւ մեզի հետ՝ քաղաքին մեղապարտները բոլոր.
Անոնք ուժեղ էին, բիրտ ու կռուազան,
Կը կրէին դաշոյն, ունելի եւ մական,
Ունէին կռուի փորձ, տգիտութիւնն էր
Իրենց զէնքն ու յենարանը միակ.
Մենք անզօ՜ր էինք, խաղաղասէր,
Կը տենչայինք դուրս գալ շէնշող արեւին,
Զերդ վարդ ու թիթեռ, բացուիլ լոյսին,
Բայց մութ ու խոնաւ բաւիղին մէջ,
Կային բարքերը խաւար բանտի,
Կային բազում անծանօթներ
Եւ քաղաքի շա՜տ երեւելիներ,
Կար տեսականի մը բաբելոնեան աշտարակի.
Մեզ ներքաշեցին կռիւի, մարտահրաւէրի,
Մեզ յօշոտեցին այծեամին նման անզօր,
Անտառի բոլոր օրէնքներով, որ գիտէին անգիր,
Մեզ նետեցին աջ ու ահեակ, արիւնաթաթախ,
Ու անցան քունի՝ հարբած ու յղփացած:
Ովքե՞ր էին անոնք, ո՞ր մօր կաթն էին խմած,
Որոնց հետ վիճակուեցաւ մեզի ըլլալ «բախտակից»,
Ըլլալ զոհն ու գերին, բաւիղին մէջ խաւարակուլ,
Ու դառնալ ծառան՝ անոնց զեխ սեղաններուն,
Մատուցողներ՝ անոնց փարթամ եւ ճոխ խնճոյքներուն:
Մի՞թէ բերուեցանք հոս մեր կամք ու ոտով,-
Հարց տուի ես լռելեայն,
Թէ չար բախտն էր, վիճակուած մեզի.
Մի՞թէ ծանօթ-անծանօթները, զոհեր են իրենց կարգին,
Մեծերու խաղ ու ծաղրին, թէ՞ պատեհապաշտներ՝
Պատերազմի երէկին, որ գլեց իրենց սրտերէն
Խիղճ ու պատիւ, ազնիւ բարքերը մեր երէկի.
Ո՞ւր նետեց մեզ բախտի անիւն այս եղերերգակ,
Ուր չափանիշեր ձաղկելի դարձան օրէնք ու կարգ,
Հզօրին՝ կամք, խեղճերուս՝ վիշտ,
Ուր զոհեցինք ամէն օր աւելի՝
Մեր մարդկութենէն, հպարտութենէն, բարքերէն,
Վերածուեցանք նախիրի, հօտի ցանուցիր,
Մնացինք անտառին մէջ՝ մոլոր ու անպաշտպան.
Մեզ յօշոտեցին անխնայ իրենց շեղբ ու մականով
Մեր պաշտպանները հզօր ու ամեհի:
Փակուղիին մէջ կը մահանանք յամրաքայլ,
Արիւնարբու տեսակին՝ մենք զոհե՜րը նոր։
2016
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 25-2016, էջ 22: