ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Բարի լո՜յս, ծանօթ ու անծանօթ բարեկամներ...

Դիմակը դրած կրկին մեր դէմքին՝ կ’իջնենք փողոց։

Նոր օր է, նոր զաւեշտ հանապազօր,

Տխուր, զուարթ, բազմերանգ...

Դէմքեր խոժոռ,

Դէմքեր շփոթած,

Դէմքեր օտար ու օտարացած,

Ամէն քայլափոխի

Կը ցցուին մեր դիմաց,

Հարցադրող աչքերով, բորբոսած։

Բարի օ՜ր կը ցրուենք ամէնուրեք

Եւ ժպիտներ անհամար, ամէնո՜ւր։

Նոյն աշխարհն է, մարդիկը՝ միշտ նո՜յն,

Դէմքեր անտարբեր,

Դէմքեր շլմորած,

Դէմքեր ահաբեկ ու գունատ, ամէնուրեք։

Կը քալենք նոյն ճամբաներէն,

Դիմակ մը դրած մեր դէմքին,

Միշտ նոյն զաւեշտին համահունչ։

Բարի՜ լոյս,

Բարեկենդան է այսօր, ինչպէս ամէն օր,

Նոր օր է ու դիմակաւոր ժպիտ մը՝ մեր դէմքին։

Դիմակներ ամէնուրեք եւ գոյնզգոյն,

Բարեկենդա՜ն է այսօր,

Ինչպէս անցնող օրերը բոլոր։

Կրկի՜ն բարի լոյս՝ անհաւատներուն...

Ամէն օր բարեկենդան է դիմակաւոր...

2012

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 16-2012, էջ 41։