ԲԱՌԵՐԸ ԻՄ ԵՐԳԻՆ

Թէկուզ բոլոր երգերն իմ կորչին,

Այրին առանց հետքի ու յուշի,

Բառերը մեր երգին թող արձագանգեն յաւիտեան,

Դառնան հեքիաթը իմ անգիր կեանքին...

Ոսկետառ գիրերով կը գրեմ երգը մեր,

Թող ան ըլլայ աʹստղ մը ճառագայթող,

Տարտամ ու մինակ երթիս մէջ անորոշ,

Դառնայ թող մեհեան մը աղօթքի ու խոկման,

Պաշտամունքի ու նորոգուող մխիթարութեան...

Թող ան ցրուէ իմ մէջէն հին սէրերը ձախող,

Որոնք եղան որոնումներ՝ կեղծ ու խաբուսիկ,

Դառնայ միա՜կը իմ հոգիէն ներս:

Իմ հոգին վկայ է «լաւ»ին, «բացառիկ»ին,

Իմ հոգին ճանչցաւ մէկ սէր գերազանց,

Որ աւա՜ղ, լուսաւոր յուշ է, երգ է ոգեղէն...

Այս գիշեր, այդ երգին հետ տխուր ու մեղմ,

Մտիր տաճարէն ներս հոգեպարար,

Ու օրհնէ՜ ճակատն իմ յոգնած,

Մասնակցիր իմ երգին որ դառնայ ուժե՜ղ,

Դառնայ մեր երգը, յաւիտեան երգը մեր երկուքին…:

1988