ԲԱՌԵՐ ԹԱՓԱՌԱԿԱՆ, ԱՄԱՅԻ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՄԷՋ…
Բառեր մորմոքի
Նետուած բացերը ամայի հորիզոնին
Կը մնան անպատասխան
անտէր ու թափառական,
Կը դառնան ետ, շառաչող ալիքներու նման
Մոլոր հոգւոյս կոտտացող անջրպետէն ներս յագեցա՜ծ
Տեղատուող ալիքի փրփուրներուն նման։
Բառեր պոռթկումի
Կը բախին կատաղօրէն
Ապերախտ այս կեանքի
Հազարումէկ պատերուն ցաւագար,
Կը վերադառնան, փշրուած
աւազի հատիկներու նման
Կուրցնող հողամրրիկի մը նման։
Բառեր յոյսի
Շարականին նման հոգեթով
Կը բարձրանան վեր
Կապոյտ երկնքին անհուն հորիզոնին մէջ
խաղաղ, ներդաշնակ,
Եւ թորեալ անձրեւի մը նման
Կը թափին վար, մարդկութեան հասցէագրուած,
Բերելով անոր ազատագրութեան խորհուրդը
վաղնջական։
2004