ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ

Օրէ օր

Կը յառաջանանք քիչ մը աւելի մօտ

Վիհին, ուրկէ անդին մահն է ու անէացումը...

Կործանարար պատերազմի օղակին մէջ

Կ’ապրի՜նք տակաւին մարմնովին,

Հոգեպէս մահուան գիրկն ենք հասեր...

Այսուհետեւ, ո՜չ մէկ իմաստ՝

վաղուան սպասումին.

Վաղը մեռած մըն է սաղմին մէջ ներկայի.

Նաեւ ո՜չ մէկ իմաստ՝ իմաստի փնտռտուքին,

Մարդոց երեւակայութեան մէջ

Ան մտախաղ մըն է գեղեցիկ:

Մահուան ու անհեթեթին միջեւ

Քաղաքը հետզհետէ կը կորսնցնէ

Երբեմնի իր շքեղ մերկութիւնը.

Մերկութիւնն է այժմ մեղքի, ամօթի, չարիքի,

Որոնք զինք պարպած երբեմնի բարքերէն

Կը պատրաստեն դատաստանին վերջին...

Մահն է: Աւելի քան երբէք,

Տխրատեսիլ կը ծառանայ ամէն պահու,

Կ’ուրուագծէ կերպարանքն իր դիւային,

Ապա կ’անհետի խաւարին մէջ

իր պատարագին ունկնդիր,

պատճառած ողբերգութեան ականատես:

Հաստատ է: Իր «առաքելութեան» հաւատարիմ.

«Առաքելութիւն» մը, որ ստեղծեց ժամանակը,

Բաժանումը, վիշտն ու տառապանքը...

«Առաքելութիւն» մը, որ երկուութիւն սերմանեց,

Կեանքէն խլեց որեւէ իմաստ՝ որ կրնար զգենուլ...:

Տակաւին կը պահանջուի տոկա՜լ, չհեռանա՜լ

Հաւատա՜լ կեանքին ու վաղուա՜ն...

Կը սպասենք յոյսով,

Երբեմն ալ պարտադրաբար.

- Սպասումը մեր ճակատագիրը չէ՞ միթէ...-

Եւ սպասման երկարամեայ ընթացքին մէջ

Քիչ մը աւելի կը թշնամանանք մենք մեզի,

Աշխարհին, ու ճակատագրին հետ:

Որո՞ւն պատճառ բռնել,

Ո՞ւր որոնել ելքը փրկարար.

Անտառային այս օրէնքներուն դիմաց,

Արժէքներէ պարպուած աշխարհի մը մէջ,

Ո՜չ մէկ տեղ կը կարծեմ:

Ունա՜յն է ու սին վատնուած ժամանակը,

Ճի՜գը... որ յարատեւ պայքար կ’ենթադրէ.

Պէտք է ընդունի՜լ պարտութիւնը

Որ շատ ո՜ւշ է արդէն...

Կառչած կը մնանք Ունայնին,

Յաւիտեան դատապարտուածներն ենք.

Կորսուած մեր ինքնութեան

փնտռտուքի ճիգին մէջ

Կը խարխափենք հաւաքաբար,

Սերունդներ,

Անհատներ,

Ու ժողովուրդ...

Ու խարխափումի երեւոյթին ետին

Կայ ահաւո՜ր նահանջ մը,

Որ լոկ կորստեան կը տանի...

Կը քալենք կործանարար այդ ուղիէն,

Մեր ետին բարձրացնելով

աւազամրրիկ մը ահեղ,

Որ օր մը պիտի անշքանայ անհետ...

Այդ մենք ենք այսօր,

Աւելի քան երբէք,

Կորսուելու, յաւէտ կորսուելու

Մեծագոյն վտանգին դիմաց կանգնած՝

Անյոյս,

Անզօր,

Անմիաբան...

Մահուան դիմաց,

Լոկ սէրն է ամոքող.

Բայց կարծես սէրն ալ անցողակի է...

Իր հրայրքին մէջ բոցեղէն

Կը խանձէ համակ էութիւն ու ոգի.

Կ’ապրինք զայն վախով, գաղտագողի,

Կարծես իրաւունք չունինք

սիրելու, սիրուելու,

Սէրը կայք չի ճանչնար,

Իսկ մենք ահաւոր լճացումն ենք

տեղի ու ժամանակի...

Ապերա՜խտ սէր.

Անցնող իւրաքանչիւր պահու

Կը զգանք անոր բաբախումը

մեր սրտերուն մէջ.

Կը թափառի հոն

Կարծես սխա՜լ հասցէագրուած ըլլար...

Ու արագ իր անցումին հետ

Կը թողու յիշատակ մը՝ այրո՜ղ, հոգելլկո՜ղ,

Ճիչ մը՝ պարապութեան մէջ

պատասխան չգտնող...

Անցողակի ու յարաբերական են

Սէրն ու խաղաղութիւնը.

Կարճատեւ իրենց երեւումին ետին՝

Կայ միշտ մեծ վա՜խը

Ահաւոր, հակադիր բեւեռին,

Որ պիտի պոկէ կեանքը՝ իր արմատներէն,

Ու պիտի խրէ մարդիկը

Պատերազմի յորձանուտին մէջ զգետնող...

Կարճատեւ անդորրէն ետք,

Կը մթագնի կրկին հորիզոնը,

Կը վերադառնայ մահուան ուրուականը

տխրատեսիլ, հեգնական,

Կը թարմանայ անէացման մեծ սարսափը

Կորստեան ճակատագրական հարցը...

Ու օրէ օր՝

Կը մօտենանք քիչ մը աւելի՜ անոր...

1986