ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՂՏԱՄԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Մինարէթի գագաթէն

Երբեմնի Աղտամ քաղաքն է իմ դիմաց,

Անշո՜ւնչ, ամայի՜ ու աւերա՜կ...


Քաղաք մը ամբողջ գետնին է հաւասարած

Բացի այս մզկիթէն, որպէս տխուր յիշատակ՝

Ազերի «եղբայր»ներուն հոս ապրած,

Ամէնուրեք մահ ու սարսափ սփռած.


Աղտա՜մ...

Հոմանիշ մը՝ խանձող կրատներուն մահասփիւռ...

Հայու կողին խրուած թուրքի խանճար պողպատեայ,

Աղաղակող մանուկներու մղձաւանջը ոխակալ,

Լլկուած հայ տղեկներու կաղկանձող ճիչը ցաւագար...


Աղտա՜մ...

Մարտագոռ ամրոց դժոխային,

Հայու պատիւը խոցող մարտահրաւէր մնայուն,

Բայց եւ դժոխքին ընդմէջէն, հայուն՝

Մահուան յաղթելու դիւցազներգութիւ՜ն, Օգոստափառ.


Աղտա՜մ...

Կսկծալի էջ արիւնոտ, հայու տարեգրութեան,

Էջ՝ Վանանդեցի Թաթուլի բազուկի անողոք հարուածին,

Նոր օրերու Սարդարապատեան սխրանք պանծալի...

Ինչպէ՞ս ծնաւ նման սխրա՜նք՝ հայու ծոցէն նուաղկոտ,

Ուրկէ՞ այսքան ատելութիւն ու վրէժի ցասում

հայուն հոգին էր պատած.

Այդ ո՞ր ցասումը հրահրեց հայուն՝ կամք յաղթելու,

Դարերու ստրկութենէն ետք տիրելո՜ւ,

Հզօր վճռականութիւն ծառանալու.


Այո՜, արար աշխարհ տեսաւ ու վկայեց՝

Թէ ճակատագրական պահերուն դժնդակ,

Հայը գիտէ ծառանա՜լ ու դառնալ կամք ապառաժեայ,

Պաշտպանել իր պատիւն ու հողը սրբազան...


Իսկ հիմա... սա տխու՜ր պատկերն է իմ դիմաց՝

Տատասկ կապած աւերակ մը թախծոտ,

Գերեզմանատուն մը ախտաբոյր ու լքուած,

Մահասարսուռ լռութիւն մը ամէնուրեք պատած,

Լքուած աշխարհ մը քարտէսին վրայ, մոռցուած։


Ինչո՞ւ անմարդաբնակ ու ամայի է ան,

Այնքան թանկ ու սրբազան զոհողութեամբ նուաճուած...

Ո՞ր ճակատագրին համար կը մնայ լքուած ու անտէր.

Ո՞ր դաւին համար՝ լոկ յուշ ու քարացած ստուեր...


Հպարտութիւնս վիրաւոր կը վերածուի

Տխուր մտորումներու ալեկոծ գուլայի մը՝ թանձր,

Բիւր հերոսներու հաշուոյն այստեղ ինկած.


Պէտք է վերականգնել այս աւանը աւերակ,

Վերադարձնել զայն իր մօր փարախը հարազատ.

Կարելի չէ´ ալ զիջի՜լ, այդ դա՜ւ է ազգային...

Պէտք է ամէն գնով վերականգնել այս աւանը՝

սուրբ արիւնով նուաճուած...


Ո՜հ ոչ, պատերազմը դեռ չէ՜ աւարտած...

2004