ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ՁԳՏՈՒՄ
Նման ծուխին, որ կը փնտռէ ճեղք մը
Դուրս վանելու իր ներքին տարերքը,
Նոյնպէս ալ հոգիս
Կ’որոնէ ելք մը,
Ձերբազատուելու զինք հիւծող,
Զինք մաշեցնող ներքին բոցերէն...:
Երկա՜ր եղան սպասման ժամերը.
Դարձան օրե՜ր, ամիսնե՜ր, տարինե՜ր...
Ու սպասումէն յուսախաբ
ձանձրացած
Նոր տարազ,
Նոր ուղի մը կ’որոնեմ
Դուրս գալու անել այս փապուղիէն
Ու քալելու ապագայի ուղիներով...:
Գուցէ փնտռտուքս չաւարտի երբէք.
Ու երբէք չգտնեմ ազատագրման ուղին.
Մնամ անիծեալ Արտաւազդ մըն ալ ես...:
1985