ԱՅՍՕՐ ՏՕՆՆ Է ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանին
Ազատութեան Հրապարակին վրայ հրաբորբոք
Ու շէնշող պողոտաներուն երեքհազարամեայ Երեւանի,
Երբ կը տօնախմբես երթդ յաղթական,
անկախութիւնդ դեռատի,
Յիշէ՜, ո՜վ մատղաշ սերունդ, հայուն ապագան յուսալի,
Որ ջարդի, սովի ու սուգի արիւնոտ ճանապարհ կտրած՝
Սխրանք ու յաղթանակ կերտած ազգի մը զաւակն ես։
Իսկ դուն, հայ մայր, ցեղիս սերուցքը ազնուական,
Առհաւատչեան մեր լինելութեան, հրաշքին՝ երկրի վրայ,
Եղիր վստահ, յարափոփոխ ժամանակներուն մերօրեայ,
Դուն ես վճռորոշ կողմնացոյցը ցեղիդ յաւերժութեան,
Որ պիտի առաջնորդէ զայն նոր դարերու յաղթապանծ.
Ուրեմն ապրէʹ, ապրէ հպա՜րտ, հողիդ վրայ հնամեայ,
Թող խինդն ու ծիծաղը ըլլան դէմքէդ, հոգիէդ անբաժան։
Բայց իմ հոգին կը կոտտայ համր ու լուռ բացակային,
Որուն խօսքը ճենճերող արեան գետ էր, կա՜նչ՝ մնայուն,
Որուն գոʹրծն էր, հաւաʹտքն էր, կեաʹնքն էր վճռական
Կռուի դաշտին վրայ, որ մեզի շնորհեց սա տօնական
Պահը հպարտառիթ, սա հայրենիքը,
Որ աչքի գերանն է ոսոխին չարախինդ,
Մեր ածուն է վախճանական.
Պիտի ապրի՜ք հոգիներուն մէջ կարօտաբաղձ, ըմբոստ,
Պիտի ոգին ու շունչը մնաք մեր երթին, ջահը՝ մշտավառ։
Ուրեմն պարենք հրապարակին վրայ Ազատութեան,
Ու փողոցներուն Երեւանի, Արցախի ու տարաշխարհի,
Հայուն յաղթանակի օրն է այսօր, տօնը՝ պանծալի,
Մեր երեխաներուն, քոյրերուն ու հերոսներուն՝
Ցնծութեան, վրէժի ու հարսանիքի պահն է ուրախալի,
Արեան բովերէն անցած պարի ժամն է արդար։
Օ՜ն, պարենք ուրեմն յարութեան,
Յաղթանակի շուրջպարը յաւերժական։
2013
"Զարթօնք" Օրաթերթ, Սեպտ. 21, 2013, էջ 4։