ԱՅՍ ԳԻՇԵՐ
Այս գիշեր կու գամ քեզի,
Ծանրաբեռնուած հոգերով անպարտելի.
Ա՜ռ զիս գրկիդ մէջ ու սիրէ՜
Գուրգուրոտ մօր մը նման:
Այս գիշեր կը տառապի՜մ ես միայնակ...
Երեւակայութիւնս կ’անդրանձէ սենեակիս պատերը
Ու կը յամենայ այն երեկոներուն
ծովափին
սիրոյ աւազներուն վրայ,
Ուր մենք,
Սիրոյ մեր տարերքը կը սպառէինք
մինչեւ առաւօտ
Ու ապա կրկին կը հագուէինք
Մեր դիմակը
Մեր գաղտնի սէրը ծածկելու...
Հոգեպէս ծանր այս գիշերին մէջ,
Տակաւին բախտաւոր մըն եմ.
Գէթ ունիմ յուշերը մեր անցեալի
Գէթ ունիմ սէր մը անեղծ,
Քե՜զ, որ իր համակ էութեամբ
Կը թափառի ներքին ոլորտներուս մէջ…։
1985