ԱՅՆ ՉԵՄ...

Ես երէկի այն երեխան չեմ այլեւս,

Որ կը խաղար զինուոր-զինուոր,

Սուտ պատերազմներ կը սարքէր՝

Տան մէջ, զուարթ ու անհոգ,

Մօր ծիծաղկոտ նայուածքներուն տակ։


Ես այն պատանին չեմ այլեւս,

Որ իր դաստիարակին խօսքերը կ’ընդունէր

Որպէս գերագոյն, անհերքելի ճշմարտութիւն,

Երկինքէն իջած պատգամ մը անշեղ,

Զինք կը նկատէր լուսապսակ հրեշտակ։


Ես այն երիտասարդը չեմ այլեւս,

Որ կը սիրէր թափառիլ երկրէ երկիր, անտարբե՜ր,

Միշտ նոր աշխարհի մը յայտնութեան

Մարմաջն ու հրճուանքը ապրելու,

Լուսաւոր վաղուան հաւատքը գրկած։


Ես այն մարդն եմ հիմա,

Որ իր տեսածին կը հաւատայ միայն,

Ու գիտէ թէ աշխարհը ա՜յն չէ՝ ինչ էր երէկ,

Դէպի վերելք ընթացող ուղի մը անշեղ։


Ես այն մարդն եմ հիմա,

Որ ինքնաբաւ է սոսկ իր ունեցածով -

Համակ սէր, անմեղ հրճուանք պարգեւող

Իր տան անփոխարինելի գանձերով,

Որովհետեւ մնացածը կեղծ է եւ միայն պատրանք։


Ես այն մարդն եմ հիմա,

Որ կը հաւատայ թէ անկարելին՝

Կարելի չի կրնար ըլլալ այլեւս,

Բայց այն ինչ կարելի է՝

Շնորհք մըն է մարդուն տրուած,

Որ վաղը կրնայ անգտանելի ըլլալ։

2010