ԱՅԴ ԵՐԲԷՆ Ի ՎԵՐ
Այդ երբէն ի վեր
Մարդուն խիղճը դարձեր է չարին ընկեր,
Իր նմանին ցաւին, մահուան անտարբեր։
Այդ երբէն ի վեր
Տկարին վիշտը եղեր է լոկ բեռ
Մարդ արարածին արհամարհանքին մէջ տարուբեր։
Այդ երբէն ի վեր
Իրաւունքն ու արդարութիւնը եղեր են փուճ լօզունգներ,
Ամբոխները մոլորեցնող սին ու պատրանաթափ խօսքեր։
Այդ երբէն ի վեր
Մարդուն տառապանքը բնական երեւոյթ է սեպուեր
Ջարդն ու աւերը բնակա՜ն, ցաւալի՜ դէպքեր են եղեր։
Այդ երբէն ի վեր
Կեղեքումը մարդուն, իր նմանին կողմէ՝ անտարբեր,
Այսքան կատաղի ու հեշտ է եղեր,
Փառքի ու դիրքի ձգտող ես-ի մը համար։
Այդ երբէն ի վեր
Այսքան համակերպող, անտարբեր ենք եղեր
Մեր խոցուած, դժբախտ իրականութեան...։
2006