ԱՌՕՐԵԱՅ ՏԵՍԱՐԱՆ

Տեսայ խի՜ղճը մարդոց՝

Աղբի նման մայթեզրին նետուած

Կը տրորուի...

Տեսայ աղբահաւաքը անտարբեր.

Կը նետէր զայն աղբատար կառքին մէջ

Ու հեգնանքով մը կը ճզմէր...

Տեսայ կառքերը հերթով շարուած.

Կը պարպէին իրենց բեռը սովորական

Դատարկ հողին մէջ

Ու ծիծաղելով կը ծածկէին զայն...

Նոյն տեսարանը կը կրկնուի մեր շուրջ

Մեր անաչառ աչքերուն դիմաց

Ամէն օր, առանց դոյզն խղճահարութեան...

Ու տակաւին հարց կու տանք՝

Ո՞ւր կորսուած է մարդոց խիղճը, այս քարացած դարուն.

Փորեցէք հողը ու պիտի գտնէ´ք զայն.

Տարբաղադրուած ու անճանաչելի ձեր խիղճը

Կը կենակցի նիւթին հետ երկրային...

2006