ԱՐԵՒԵԼՔ

Ճօճանակի մը նման կը տարուբերիս

Պատերազմի ու խաղաղութեան

բեւեռներուն միջեւ.

Նախնադարն է իշխող դեռ հոս

Խաւարի ու անտառային կիրքերու

Մոլեռանդ հոգեբանութեամբ մը թրծուած...

Կ’օգտագործեն քեզ մեծերը այս աշխարհի,

Հոս կը լուծուին հարցերն անոնց,

Հզօրներու շահերը մեծապետական.

Կը մնաս իտէալ վայրը՝

Մարդկութեան հակասութիւնները դրսեւորող...

Ընդերքներուդ մէջ են թաղուած

Թաքուն արժանիքներդ ոգեղէն.

Թէժ արեւն անապատներուն

Շլացուցած է տեսողութիւնդ,

Կլանուած՝ ծոցն իր աւազներուն:

Սթափէ՜ դարաւոր թմբիրէն

Ու ոգեկոչէ՜ իմաստութեան արեգակը,

Որուն երես ես դարձուցեր ցարդ...:

Կառչած կը մնանք հողիդ,

Հաւատալով որ պիտի գա՜յ օրը վճռական

Ու բարձրանաս կրկին փիւնիկին նման,

Դուրս գաս հազարամեայ խարխափումէն,

Ու դառնաս կրկին խորհրդանիշը՝

Քաղաքակրթութեան

Համակեցութեան

Խաղաղութեան

վաղուց սպասուած...:

1985