ԱՐԵԳՆԱԶ
Մեծ մօրս յիշատակին
Պատէն կախուած կը մնայ փայտեայ
Ժամացոյցը հնամաշ,
Որպէս նիւթեղէն յիշատակարան,
Ոգեղէն տուայտանքին որ կը յամենայ...
Կը նայիմ յարաշարժ անոր տատանումին,
Որ կու գայ եփրատեան անապատներէն,
Կ’երթայ վաղորդայնին անծանօթ.
Լուսափթիթ փաթիլներու նման,
Կը տեղայ հոգիիս ակունքներուն
Յիշատակն անոր ազազուն ու երանելի,
Որ օր մը չարաշուք
Հեռացաւ այս աշխարհէն՝ լո՜ւռ ու միայնակ,
Դիւրաթեք եղէգի մը նման փշրուած:
Քիչերէն էր ա՜ն. ազնուական տիպարը՝ սրբութեան,
Աստուածամայրն ըլլար կարծես վերընձիւղած.
Քնքոյշ խոտի մը խոնա՜րհ հեզութեամբ,
Ովկիանոսի անհուն, ներո՜ղ բարութեամբ,
Մայրական սիրոյ մեղրածորան խանդով գուրգուրոտ,
Սրբակենցաղ կեանք մը ապրած՝
Իննսունհինգամեայ ծերունին ալեհեր,
Որ առ յաւէտ մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝
Տարագրի ողբը անթեղած հոգիին մէջ։
Գնաց ան Ս. Կոյս Մարիամայ հետքերով սրբահրաշ,
Որպէս համակ սէր ու բարութիւն անսահման.
Գնաց ան դրախտի ուղիներով,
Մարգարէական երեւումին փայլատակութեամբ,
Գնաց ան ցաւի հառաչանք մը թողած մեր սրտին:
Անոր յիշատակը կ’ապրի միշտ, որպէս յուշ քաղցրահամ
Ու խորհուրդ մաքրամաքուր:
2003