ԱՐԵԱՆ ԳԻՆԸ

Որքան արի՜ւն պիտի դեռ հոսի

Ընդերքն ի վար արբեցած այս հողին,

Որ քեզ տեսնենք ազատագրուա՜ծ՝

Գերութեանդ կապանքներէն, բորբոսած։

Ինչքա՜ն տառապանք, որքա՜ն մորմոք ու ցաւ

պիտի դեռ անթեղես,

Որ ապրիս ազա՜տ ու հպա՜րտ՝ հրաշք հողիդ վրայ։

Որքա՜ն նահատակ պիտի դեռ յանձնես՝ հողին,

Որ յագենայ անյագուրդ ծարաւը բռնակալներուն,

Ու թոյլ տան քեզ ապրի՜լ, ինչպէս իրենք կ’ապրին՝

անկաշկանդ արծուի մը նման։

Ե՞րբ պիտի հասկնան, մի՞թէ պիտի հասկնան,

Թէ բուռ մը հող թէեւ, բայց կը մնաս անընկճելի՜,

Ազատատենչ զաւակներուդ նորոգ զոհաբերութեամբ։

Ե՞րբ պիտի համոզուին, թէ փոքր ածու մը թէեւ,

Բռնատէրին շղթաները պիտի անպայման փշրուին,

Ինչպէս փշրուեցան սերունդէ սերունդ ու դարէ դար,

Թէ ազատութիւնը՝ գերիրական պարգեւը երկնային,

Պիտի միշտ ջրդեղուի արեան նոր հեղումներով.

Պարզապէս այդ է դաժա´ն գի՜նը ազատութեան...

Որքան արիւն պիտի դեռ հոսի

Ընդերքն ի վար այս ցաւատանջ հողին,

Որ մուրհակները արեան վճարուած նկատուին,

Ու տարերքն այս գազանային, հասնի իր լրումին։

Այսօր, աւա՜ղ, կ’ողբաս ազատ խօսքի որդիներդ քաջ,

ճշմարտութեան գրիչին ահաբեկումը անարգ.

Կ’ողբաս եղերական ոճիրը՝ որ չունի վերջ ու վախճան.

Կը թաղես ազատութեան կամքը շիջած.

Թափօրին հետ կը քալես յուսաբեկ ու ընկճուած,

Ատելութեան մաղձը մէջդ զսպանակած,

Բայց կ’երթաս վաղուան հերոսական յաղթանակին,

Որուն, եղի´ր վստահ,

Ամէն ժամանակէ աւելի, մօտեցած կը թուիս ըլլալ...

Հաւատա´, ու գնա´ անշեղ յառաջ...

2005