ԱՐԱՐՈՒՄԻՆ ԿՐԿԻՆ

Կը սողոսկի մռայլ քաղաքի պատերն ի վար,

Ինչպէս հեշտանքը գարնանային զեփիւռի,

Գրգանքը սիրոյ ու կարօտի՝ այցելուիս աւետաբեր.

Ահա կու գամ կրկին,

որպէս սիրոյ մարգարէ լրաբեր,

Վե´ր կաց քաղա՜ք, թմբիրներէդ մոխրածուփ,

Ու անթացուպերդ նետէ´ հի՜ն յուշերու

թանձր ու մուգ մշուշին խորքը ալեծուփ.

Տարիներ ահա, եւ դուն՝

Դալկացած ճահիճի մը նման ճապաղ,

Կը թանձրանաս վշտաբե՜կ ու տխո՜ւր,

Գալարուելով սարսափի ու տառապանքի

Հոգեսպան գուպարի մէջ շիկացած.

Բա՜ց փայտեայ կրկնափեղկերդ հնամաշ

Ու փորձէ նայի՜լ՝

տուփերու նման տափակ արանքներէն,

Լոյսի՜ն, որ կը ծփայ քու վերեւ.

Սիրոյ զեփիւ՜ռն է ասուպ

Կը թակէ դուռդ մոխրապատ.

Կարօ՜տն է անձկութեանդ քնքշանքին,

Որ առեւանգուած էր երեսուն երկա՜ր տարիներ...

Նայէ´ վե՜ր, տիեզերքին կապուտագոյն,

Կարօտի անյագ տենչերովդ ազազուն,

Ու հաւատա´ որ այդ ե՜ս եմ՝ որ կու գամ քեզի այցելու,

Յուշերուդ վիժած սաղմերէն արիւնլուայ,

սիրոյ դափնիներով կանաչածածկ,

Ազատագրելու քեզ վերջապէս,

գիշերներէդ անագորոյն, այնպէս

Ինչպէս առասպելներու խորքերէն կը թամբէ

Իշխանը, իր սպիտակ ձին՝ իր սիրածին ընդառաջ.

Ահա կու գամ քեզի՝ մորմոքներուդ ծովերէն ծովածաւալ,

ու մեղքերուդ ճահիճներէն թանձրացեալ,

Սիրոյ զեփիւռը բերելու քարացած տենչերուդ,

Ու գարնան ծիծա՜ղը քաղցրաբոյր՝ որ կորսուած էր

երկա՜ր ժամանակ...

Կու գամ քեզի,

Ռունգերուդ ածխացած ծուխերը սրբելու,

Ու հպումներովս սիրազեղ՝

վանելո՜ւ մորմոքներդ արծարծ.

Թարթիչներուդ բռնկած՝ բերելու ցօ՜ղը ապրիլեան,

Ծնանելու քեզ կրկին անգամ՝

Մարիամայ հրաշքովն անարատ.

Եկո՜ւր, եկո՜ւր երէկի ճաքճքուած երազներէն,

Ծերպերէն ներս սպրդած՝

յոյսի ու լոյսի նշոյլի մը պէս արփաւէտ,

Եկուր արե՜ւ յուսատու, հրաշքի մը անձկութիւն

բախտագոյժ,

Եկո՜ւր եւ փակէ´ այս քաղաքի երկարատեւ եղերերգին

մատեա՜նը մահագոյժ,

Թող ճառագայթէ՜ այսուհետեւ սէ՜ր ու խաղաղութի՜ւն,

Թող ճառագայթէ՝ բերկրութի՜ւն, հաւա՜տք

ու անրջա՜նք հոգեսոյզ...

Բա՜ւ է ալ այսքան տառապանք երկար,

Ժամն է երկունքներուդ լրումին։

Փողոցներէն հնամաշ ու թաղերէն խոժոռ,

Կ’անցնիմ այսօր կախարդի մականով հրաշագործ.

Ես սիրոյ զեփի՜ւռն եմ,

տաղերգակ ասուպը կարօտալից,

Կը բերեմ բարի լուրը երկունքներու վերջալոյսին,

Բացէք դռները ձեր անձկութիւններուն հրաժեշտին...

2007