ԱՊՐԻԼ
Ահա Ապրիլ է կրկին,
Ու յարութեան շունչը կը թեւածէ չորսդին,
Եռագոյն դրօշներ կը ծածանին ամէնուր,
Պայքարի կոչեր կը սլանան երկինք,
Հայուն հզօր կամքին, հաւատքին երաշխիք:
Օ՜ն ոտքի´, ո՛վ սերունդ նոր հազարամեակի,
Գրկէ´ դրօշ, թող արդարութեան ձայնը հնչէ չորսդի,
Մինչեւ որ իրաւունքը դառնայ եղելութիւն շօշափելի:
Օ՜ն ոտքի´, ո՛վ սերունդներ յաղթանակի,
Վերցուցէ´ք ջահը մեր պապերու հաւատքին անառիկ,
Մինչեւ որ Հայաստանը բոլորիս տունը դառնայ, երանելի:
Ահա Ապրիլ է կրկին,
Ու հայութիւնը դարձած է միաձոյլ բանակ,
Օ՜ն ոտքի´, սերունդներ քաջարի,
Այսօրը՝ վաղուան յաղթանակի ծիլն է բերրի,
Այսօ՜րը մեր նորոգ ուխտի ժամն է յիրաւի:
Օ՜ն ոտքի´, ո՜վ սերունդ նոր հազարամեակի,
Գրկէ´ դրօշ, թող Արդարութեան ձայնը սաւառնի,
Մինչեւ որ Ան դառնայ իրողութիւն պանծալի: