ԱՊՐԻ՜Ր

Կ’ուզես չմոռցուի՞լ, ապրի´ր...

Ապրի՜ր, որ չտեսնես կեղծիքը,

Որ գոլորշիի նման պիտի բարձրանայ երկինք

Երբ մեկնիս...

Ապրի՜ր, որ հաւատաս ժպիտին, խօսքին,

Որ կը պարուրեն քեզ ամէն քայլափոխի.

Մահէդ ետք,

Անոնք պիտի խարանեն քու ճակատին՝

Ատելութիւն, նախանձ եւ նախատինք...

Իսկ երբ ժամն հասնի հրաժեշտի, չցաւիʹս,

Պարզապէս իմացի՜ր,

Որ հոն կանգ կ’‏առնեն ժպիտ ու խինդ:

Կը բացուին սրուակներ անուշաբոյր

եւ տուփեր շպարի,

Կը քսեն քու ճակատին՝ միւռոնի ձէթ ընտիր,

Ու տեսակ-տեսակ փոշիներ երփնագոյն,

Կը դրոշմեն քու դէմքին, անունին,

Անոնք որոնք երէկ կ’անիծէին քեզ ամէնուր:

Եւ յաւուր պատշաճի խօսքեր

Պիտի դառնան դամբանականներ շռնդալի.

Քեզի պիտի շնորհեն նաեւ պատիւ,

Գուցէ եւ շքանշա՜ն ու պատուագի՜ր...

Ատելով պիտի ատեն քեզ,

Սիրելով, շոյելո՜վ պիտի շպրտեն քեզ մէկդի...

Ուրեմն՝ ապրի´ր, ապրի՜ր անոնց ժպիտով,

Ու գնա´ անվերադարձ անոնց միւռոնի դրոշմով,

Երբ վարագոյրը իջնէ ի վերջոյ,

Դուն չկա՜ս, մոռցուա՜ծ ես վաղուց,

Գոլորշիի նման դարձած ես անուրջ,

Այլեւ դիակ մը անշունչ,

Ուրիշ ոչինչ:

2011

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 13-2011, էջ 45։