ԼՈՒՌ ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐ
Խոշտանգուած մարդ մը, նստած
Խուցին մութ անկիւնը, շղթայակապ,
Հեղեղ մը խաւար ներսը բանտած,
Կը տնքայ լո՜ւռ՝ մահամերձի մը նման։
Դատապարտեալ մըն է ան՝
երազներով խորտակուած.
Վճիռի վերանայման փորձերը վաղուց սպառած,
Քաշուած անկիւնը խուցին, կը տենչայ լո՜ւռ
Պահը հատուցման, որ իր ազատագրումն է վճռական...։
Բանտուած հոգիներ են նստած ամէնուրեք,
Լեռ մը մորմոք բանտած՝ կը տենչա՜ն անկարելին
խափանուած.
Արդար կեանքի վիժա՜ծ անհամար նմոյշներն են անոնք,
Սպառած ամէն յոյս, կը տենչան տակաւին
Արժանավայել կեանք մը՝ որպէս հատուցում,
իրաւունք վերջին։
Ժամանակը անգութ նետած է զիրենք լուսանցքին վրայ
այս դաժան կեանքին,
Բայց կը սպասեն անձկագին հրաշափառ բախտին,
որ օ՜ր մը պիտի գայ...
Հոգիներուն համար շղթայուած՝ չկայ սահման,
չկայ ժամանակ,
Անոնց ցաւը նոյնանման է ու միօրինակ,
Ամէնուրեք ու բոլոր ժամանակներուն,
պարագաներուն տարբեր։
Անոնց ճակատագիրը կը մնայ հարցակա՜ն մը մեծ,
Անոնց վիշտը ապրուած օրերու արհաւիրքն է դաժան,
Անոնց խիղճը կ’եռայ կոտտացող ցաւերով նոյնանման,
Դարմանը որու անգոյ սպեղանին է ժամանակներուն։
Լուսանցքին վրայ, թէ մութին մէջ թանձր,
Ճանապարհին վրայ ցուրտ թէ տօթակէզ,
Տագնապն անոնց կը մնայ հրէշի նման դարանակալ։
Լուռ զանգուածներն են անոնք բոլոր ժամանակներու,
Կ’երթան միայնա՜կ, նոյն ճանապարհներէն եւ մի՜շտ
Նոյն կանգառը անպիտան, կոտրտուած ու բզկտուած։
2011