ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Երբ դաշտը խոպան է ու արտը՝ անմշակ, անտէր ու անջրդի,

Փուշ ու տատասկն է՝ կ’աճի հո՜ն արագ, անփոյթ ու վայրի.

Մարդոց կեանքն ալ լքուած արտի նման,

Կը վերածուի տարտամ ու անտէր արտի,

երբ ժամանակները փոխուին

Ու ամայութիւն տիրէ անոնց հոգիներուն։

Հրէշ մը կատաղի կը ծնի յանկարծ

Ու կը գրաւէ սիրտերը անհաշտ,

«Անտարբերութի՜ւն» կը կոչեն զայն մարդիկ.

Իր հզօր թեւերը ամէնուրեք տարածած

Կ’արշաւէ յաղթական, քանդելով

Կոթողներ ու սրբութիւններ հնամեայ.

Նոր աստուածներու մեհեաններ կը կանգնէ

Մոլուցքով մը անասնական։

Ճիւաղն այդ չունի սահման,

Ոչ ալ գիտէ խտրութիւն դնել՝

Մարդոց միջեւ, ազգէ ազգ.

Գիտէ քանդել, սրբապղծել ու աւերել միայն,

Ամէնուրեք տարածել կսկիծ ու ողբ,

Զոհեր նուիրաբերել նոր աստուածներուն։

Կը հեռանայ օր մըն ալ՝ անաղմուկ, անլուր,

Ետին ձգած աշխարհ մը խառնափնթոր...

«Անտարբերութիւն» կոչուած այդ հրէշը

Կ’անցնի հիմա մեր աշխարհէն

Մոլեգին արշաւով մը վրիժառու.

Կը քանդէ հիմերէն՝ բարք, աւանդ ու սրբութիւն։

Օր մըն ալ, երբ մեկնի անշուք, լիրբ գոհունակութեամբ,

Աւա՜ղ, շատ բան պիտի չձգէ իր ետին.

Անտարբերութեան ախտն է... կը սուրայ մոլագար...

2011