ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ

Կը քալէ մարդը փողոցն ի վար

Գլխահակ ու լուռ,

Վրէժ ունի կարծես ճակատագրին դէմ

Անարդար, ու վիշտ մը՝ հոգւոյն խորերը զսպած.

Համր այդ մարդը, ախտավարակ,

Մէկ նմոյշն է այս դարու մարդկութեան,

Անոր երակներէն, արեան ընդմէջէն արագավազ,

Կը հոսի մահացու թոյն մը հեզասա՜հ,

Թոյնը կ’աճի, կը սնանի անոր վիշտէն,

Տառապանքէն ու արցունքներէն...

Կը քալէ մարդը անորոշութեան ախտէն՝ այլանդակ,

Մաքառումով մը բնազդային, տարօրինակ.

Անորոշութեան ախտն իր մէջ կ’երթայ մահուա՜ն,

Էութեան խորերը խեղդած իր բողոքը,

Հազարամեայ ցաւն ու վիշտը երկրային,

Զոր «կեանք» ու «պարգեւ» կոչեցին,

Բայց անոր համար եղաւ դառն ծաղր մը միայն:

Լուռ ամբոխին հետ շուար,

Ինք ալ կ’երթայ անյայտին,

Յամրաքայլ ու գլխահակ,

Կը տուայտէ եւ ինք՝ հազարներուն հետ,

իրենց ցաւին անթարգման...

Կը քալէ մարդը ցաւագար

Յոգնած իր մաքառումէն ապարդիւն,

Բիւր-բիւր հարցերով ընկճուած,

Անպատասխան իր հարցերով կ’երթայ միանալու

Միլիոններու թափօրին զինք կանխած...:

1989