ԱՆՈՐ
Անոր,
Որ ապագայի ուղիներուն վրայ,
Կը սպասէ անձկագին պատեհ առիթի,
Կանգնելու հպարտ ու հաստատ իմ դիմաց,
Յայտնելու իր ինքնութիւնը քօղարկուած,
Վերջ մը դնելու սպասումներուս երկա՜ր,
Դառնալու անհեթեթը իմաստաւորող,
տգեղը գեղեցկացնող,
մեռածը ապրեցնող...
Անոր,
Որ հեռաւոր ու ամայի ուղիներու վրայ,
Կ’որոնէ իմ հոգիի ուղին երերուն,
Աւետելու իր յայտնութիւնը՝
վաղուց սպասուած,
Դառնալու խաւար հորիզոնին վրայ
իմ աստղը տենչավա՜ռ,
Թող անոր երեւումը ըլլայ տիրական,
Ուշ, բայց յաղթական...:
1988