ԱՆԿԷԶ ԲՈՐԵՆԻՆԵՐ

Անհայրենիք ոստաններէն քալեցին մէկ դար,

Հաւատալով ծովէ-ծով ազա՜տ հայրենիքի տեսիլքին...

Տագնապեցան, բայց հաւատացին,

Հալածուեցան, բայց տոկացին,

Երազեցին ու վառ պահեցին հայրենիքը ոգեղէն՝

խորն իրենց սրտին,

Բայց չկարկամեցան... չնահանջեցին...

Անցան փոթորիկներ, փուլ եկան կայսրութիւններ,

Հասան բախտաբեր հովեր հայրենիքի երկնակամարին,

Տեսան Մասիսէն անդին ծագող արեւը հրաշափառ,

Ու հրճուեցան...

Դէպի երկիր, օ՜ն, գոչեցին միաբերան ու հպարտ,

Կերտելու հիւղ ու աւան աւերակ, օճախ՝ կիսափուլ,

Հայրենաշէն ազնիւ գործին բերելու իրենց քրտինքն աւուր:

Բայց յուսալքութեան ամպեր կուտակուեցան

Երկնակամարին, իրենց հոգիներուն վերեւ,

Երբ տեսան կիրքը թալանի,

Տեսան պատեհապաշտներ, չոքած աղքատի կոկորդին,

Կը խլեն պատառ մը հացը, վերջին շունչը անոր,

Կը մեկնին անդարձ, հայու կարաւանները անէծքով,

Ու կ’ամայանան դաշտերն ու կիրճերը որբեւայրի...

Ու ինչ-ինչ հաշիւներէ մղուած, այրեր մեծարգոյ,

Բորենիներու նման կը նային սեւեռուն,

Խլելու անոնց հոգիին երազանքը մշտարծարծ,

Անոնց փթիթ հոգիին պատրանքը, սէրը առաքինի,

Ծաղրուծանակ դարձնելով ամլացած հոգիի

թելերը փխրուն:

Առք ու վաճառքի հերոսներն այդ տխրահռչակ,

Կը դեգերին երկրէ երկիր, օրնիբուն,

Վաճառելու բո՜ւռ մը հայրենասիրութիւն,

Բուռ մըն ալ աղի արցունք,

Խլելու ինչ դեռ կայ անոնց հոգիներուն մէջ ազնիւ`

Անոնց պայքարէն,

Անոնց յոյսէն,

Անոնց ցաւէն,

Անոնց երազանքէն ջինջ ու մաքուր,

Հուսկ զոհելու զանոնք

Բախտի սեղաններուն վրայ կանաչապատ...

Իսկ ի՜նչ մնաց իրենց... խաբկանքէն բացի...

Ի՜նչ երազեն հիմա,

Ի՜նչ խորհուրդ տան սերունդին դեռատի

Երբ թալանն է տիրող, ուժի պատուանդանին յենած,

Երբ բացայայտ կործանումի սեմին են կանգնած.

Ի՜նչ մնաց անոնց՝ Մեծ Երազի ճամբաներէն աւերակ,

Որ ամէնօրեայ պատկեր է, աւանէ-աւան ու հիւղէ-հիւղ,

Տեսնել ուզող վճիտ աչքերուն համար...

Ի՜նչ մնաց անոնց, ու՝ հայրենիքէ՜ն,

Զոր երազեցին դար մը երկա՜ր...

2011

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 13-2011, էջ 44-45։