ԱՆԻՄԱՍՏ ԲԱՌԵՐԸ ՏԱՏԻԿԻՆ
Երբ աչքերը հեռարձակ
Փակ ոսպնեակի մը նման կը ննջեն,
Ու երազները խիզախ,
Ամուլ կնոջ նման, կը սոնքան,
Օրերը ձանձրոյթի, կիսափակ փողոցի նման,
Բարձրահիւս պատերուն ներքեւ կը գիջանան....
Տատիկը պառաւ, նստած՝ բառեր կը մրմնջէ,
Անհասկնալի, անիմաստ յուշեր անցեալի։
Շոճին՝ իր կողքին, կը ծիծաղի վրան,
Աչքերը փակած՝ կը նայի հեռուները,
Ուր, վերջալոյսին,
Արեւը պիտի փակէ իր աչքերը խոնջած...
Տարօրինա՜կ աշխարհ.
Փոքրիկ աշխարհ մը՝ իր մեծ տագնապներով,
Ու մարդը մահկանացու՝ իր անվերջ հարցերով,
Կը տուայտին իրենց վաղնջական գոյութեան
անլոյծ բարդոյթներով...
Կեա՜նք ու կանգա՜ռ,
Ընդհուպ աւարտող ուղեւորութիւն
Եւ արձագանգ ունայնին մէջ լուռ,
Ինչպէս հրազէնի պայթիւնը՝
Ամայի հովիտին մէջ անհուն...
Փոքրիկ աշխարհ մը իր անձկութիւններով
Կը թաւալի լաւայի մը հրաբորբոք կշռոյթով։
2011