ԱՆԷԱՑՈՒՄ

Շարժ է հոգւոյ, մեծ շարժ է հոս միշտ՝ ամէն մէկ քայլի:

Ն. Սարաֆեան

Աշնան օր մըն էր խի՜ստ,

Երբ մոլեգնած ծովուն մակընթացութեան հետ

Յայտնուեցար տեսիլքի մը նման

լուսապայծա՜ռ,

Տարագիր էութեանս կայքը դարձար:

Ու անոր տեղատուութեան հետ,

Հեռացար ընդհուպ, անհետ...:

Ու այն օրէն ասդին

Կը սպասեմ գալուստդ ոգեղէ՜ն.

Ու ամէն մակընթացութեան հետ, ունա՜յն,

Հառաչանքի նոր երգ կ’երգեմ, մահացու

Խռովքներուս նոր յոյս մը տալու...:

Ու անդոհանքի այս պահերուն,

Յայտնութիւնդ անրջային

Վերջնական փլուզումն է անդուլ մաքառումներուս:

Փոթորիկին նման ահարկու,

Կ’ալեկոծես անդորրը հոգիիս, ու

Յաղթական սլացքով մը

Կը նաւարկես անոր ոլորտները,

Ետիդ ձգելով վիշտ մը անեղծ,

Սիրտ մը՝ կսկիծներով ճմլուած...

Ու ծովուն տարերքներուն հետ կը սուզուիմ,

Տակաւ առ տակաւ,

Մինչեւ ամբողջական անէացում,

Անոր մէջ թաղելով կեանք մը երերուն,

Սէր մը՝ խոնարհ ու համեստ...:

1985