ԱՆՑԵԱԼԻ ԷԱԿ ՎՏԱՐԱՆԴԻ

Թափառական ու վտարանդի՝

Դուն կը փախչիս շարունակ,

Մինչ ես կը հալածեմ սպիտակ քու ոգին,

Առկայծող ճրագի մը տժգոյն լոյսին նման։

Չգտա՜յ քեզ երբ կ’որոնէի

Ծառերուն ետին՝ վերջալոյսին հետ բխող

լուսնին առընթեր։

Գտայ քեզ միշտ՝ իմ երազներուս

Մեղրածորան աստղերուն ընկեր։

Մի՞թէ եկար ու չտեսայ քեզ, թէ՞

Մոռցար հոգեպարար սովորութիւնը,

Յաճախանքի մը նման յաւէտ կրկնուող։

Ինչո՜ւ չեկար դուն այսօր։

Մի՞թէ եկա՛ր ու զիս չճանչցա՜ր

Իմ տխրադալուկ դէմքին

Կամ սպիտակած մօրուքին համար,

Որուն ծանօթ չեղա՜ր դուն բնաւ...

Մի՞թէ անցեալ մը դարձար դուն աղօտ,

Իսկ ես մոռացութեան մատնուած՝ անծանօ՜թ մը,

անցեալին մէջ կորսուած.

Առեղծուած չէ՞ միթէ հոգեխռով այս չափանիշը նոր,

Թէ՝ բնութեան օրէնքն է պարզ,

Որուն պէտք է հաշտուիլ։

Բայց ո՜չ...

Գիշերներուս թափառական էակն ես դուն միշտ,

Հեշտագին անցեալս վտարանդի...