ԱՆԾԱՆՕԹԻ ՄԸ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Կրնար ըլլալ ծերունի կամ՝ ուսեալ երիտասարդ. կրնար ըլլալ երազի մէջ յայտնուած առաքեալ կամ՝ ճիչ մը խեղդուած: Ունէր թաւ ձայն տիրական ու կը թուէր ըլլալ իրական։ Ասիկա իր պատգամն էր անկասկած:

"Մենք մտանք մութ փապուղիէ մը ներս, երբ կորսնցու­ցինք մեր ուղեցոյցը, մեր անցեալին հպարտութիւնը, հաւատքը՝ մեր գալիքին ու ապագային.

Մտանք նահանջի ճանապարհը, երբ սկսանք ընդունիլ միջակութիւնը որպէս ընդունելի տարազ եւ կեանքի ապրե­լակերպ, երբ օտարին կեղծիքը դարձաւ ճշմար­տու­թիւն, երբ այսօʹրը դարձաւ կարելիին արուեստը.

Մենք կորսնցուցինք մեր ուղին, երբ անկարելին դարձաւ վիթխարի բեռ մեր ուսերուն, նաեւ՝ ճանապարհ անյոյս.

Մեր ընկրկումին մէջ մենք այպանեցինք բոլորը, բացի մենք զմեզ.

Մեր ձախորդութեան պատճառը մենք վերագրեցինք ուրիʹշին։

Մենք մոռցանք հաւատալ, երազել ու ճախրել. մոռցանք, որ յաղթանակը մեր սուրին ու զէնքին ծայրն է, որ բոլոր հրաշքները մարդուն՝ անկարելիին իրագործումն ու կամքն են.

Մենք մտանք կորստեան ուղիները, որովհետեւ ծանծաղ ջուրերուն մէջ լողալը հեշտ սեպեցինք, ովկիանոսին ալիքները՝ ահեղ ու մարդուս կարողութենէն գերիվեր.

Մենք սիրեցինք քրքիջն ու ծաղրը, ծիծաղը, մեր բեմերէն դուրս ձգելով արուեստի նուաճումը որպէս նորոյթին հակոտնեայ վիճակ.

Սիրեցինք ու փայփայեցինք մենք զմեզ ու մեր միջա­կու­թեան մէջ հաւասարեցանք մեր շրջապատին: Կարծե­ցինք, թէ ձաղկումը արատ մըն է, որ հարկ է վանել մեր շրթներէն, ուստի խոնարհեցուցինք մեր վիզերը, ամէն օր քիչ մը աւելի, այնքան մը՝ որ մոռցուեցանք ու ան­տեսուե­ցանք մեր շրջապատէն. դարձանք երկրորդա­կան, ճղճիմ ու աներեւոյթ:

Մոռցանք հողին արժէքը երբ երկիրը նուաճեցինք. որքան մօտեցանք անոր, նոյնքան հեռացանք անկէ, այնքան մը՝ որ ան անէծք ու բեռ դարձաւ մեզի համար. հիմա հարց կու տանք՝ ինչո՞ւ էր այսքան պայքարը, չէ՞ որ մենք աշխարհը նուաճելու ատակ ենք, կարող ենք ըլլալ ամէնուրեք, ամէնուրի քաղաքացիներ, ոʹչ միայն մէկ փոքր երկրի մը. մեր ամբարտաւանութիւնն ու կու­րութիւնը փակեցին մեր աչքերը, մեր տեսողութիւնը, մեր ճանապարհը:

Հիմա կ’ողբանք մեր վիճակը ճպուռին նման, մոռցած՝ որ կենդանիներուն ամենէն ճղճիմն ու աներեւելին՝ մրջիւ­նը, կը ճգնի շաբաթներ ու ամիսներ, կը սպառէ հսկայ ուժ, ձմրան իր պահեստին հետամուտ.

Իսկ մե՞նք. վատնեցինք մեր ներուժը փառքի, աթոռի ու նիւթին ի խնդիր, վատնեցինք զայն մեր ներքին հակա­սութիւններուն ու վէճերուն ընթացքին, նայելով ծայրը մեր քիթին եւ ոʹչ՝ հեռաւոր հորիզոնին:

Մենք կորսնցուցինք մեր ուղեցոյցը, մեր բարոյականը, ոգին ու հպարտութիւնը. մտանք ինքնաքանդումի եւ ինքնակործանման ոլորտը, կորսնցուցինք ժամանակի զգօնութիւնը եւ հաւաքական կորովը։ Հեռու չէ այն օրը, երբ ձուլման ու անէացման այս հորձանուտին մէջ սթա­փինք յանկարծ ու տեսնենք, թէ աʹյն ինչ կերտեր ենք դարերով, արդէն դարձեր է պատմութիւն, հնագիտական մասունք… եւ թանգարանի հարստութիւն:

Եթէ հիմա չէ ժամանակը շրջելու իսկոյն այս կործա­նարար ընթացքը, հապա ե՞րբ է ան։

Ժամանակն է, որ քանդենք բոլոր կուռքերը, նիւթեղէն ու քարաշէն մեհեաններն ու բագինները, մարդոց ու առա­ջին հերթին օտարին պաշտամունքը եւ մեզ տեսնենք վաղուան հայելիին մէջ, անկարելիին հաւատքով ու գա­լիքին տեսիլքով՝ հպաʹրտ, անսասաʹն ու անխոր­տա­կելիʹ.

Մենք զմեզ տեսնենք բոլորէն առաջ եւ բոլոր հաշիւներէն վեր….’’։

2017

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 28-2017, էջ 20-21։