ԱՆԱՒԱՐՏ ՍԷՐ

Հին, անաւարտ սէ՜ր մը

Կը հրահրի իմ ներսիդին,

Տարերային, յամառօրէն...

Սէր մը՝ որուն սերմերը չմեռան երբէք.

Սէր մը՝ որ երկունքի ցաւերով

Կը հոգելլկէ զիս այս գիշեր:

Անհետ գնաց ան

Վաղ առաւօտու աղջամուղջին մէջ.

Համբոյր մը ջերմ կնքեց

Մեր բաժանումը դժխեմ.

Ձեռքերուս սեղմումին մէջ,

Կար հաւատք անխախտ

տարօրինակ

Կար վերամիացման խոստումի մը

Սպասումը, որուն դիմաց

Տարօրէն խոցուած

Մնացի լո՜ւռ ու անկենդան...

Ի՜նչ ըսէի ես անոր

Հազարումէկ հարցադրումներուս մասին.

Այնքա՜ն անորոշ ճակատագրիս դիմաց

Ի՜նչ խոստանայի ես անոր:

Ինչպէ՞ս խոստովանէի իրեն,

Թէ իր մեկնումը՝

Վերջնական փլուզումն էր հոգւոյս,

Թէ իրմէ վերջ, ահաւոր

Ամայութիւնն է պատելու իմ ներաշխարհիս...

Բայց ըսի.- «գնա՜, հեռացի՜ր,

Մեր սէրը... գողտրիկ երազ մըն է...

անկարելի...»:

Ու տարօրէն խոցուած

Մնացի լո՜ւռ,

Բիրտ իրականութեան դիմաց տրորուած.

Արցունքի շիթ մը աղաչական

Մնաց դէմքիս վրայ սառած...

1986