ԱՆԱՊԱՏԻ ՊԱՐ

Վերջալոյսի առկայծող միրաժին դիմաց

Կ’ուրուագծուի պարը բոցավառ անապատին,

Կը ծառանան ուրուականները աղաղակող միլիոնին.

Հո՜ն են անոնք... հետզհետէ խամրող յուշերը

ցեղի մը կէսին՝ մոխրացած,

Ցուրտ աւազի քամիներու խօլ պարին յանձնուած,

Կը թափառին ոգիներու նման բարի՝

մութ գիշերներուն ընչաքաղց,

Ողջ հարազատներու որոնումի մէջ՝ ափէ ափ,

Սարսուռն իրենց հոգիին, որ անո՜նք

կրնան առ յաւէտ կորսուած ըլլալ...։

Ողջագուրման պարն է ողջերուն,

Ու համատարած ողբ՝ մեկնածներուն...

Գիշերին մէջ կը բորբոքի պարը խանդոտ,

գեհենական,

Մեռելներո՜ւ պարն է, կը կրկնուի ամէն գիշեր,

աւազներուն վրայ,

Պարն է ընդդէմ մահուան ու մոռացութեան...

Պարն է ապրելո՜ւ...

Պարն է յիշողութեան...

Մարտահրաւէր կանչող պարն է ծագէ ծագ,

մինչեւ ափերը հեռակայ։

Անտէ՜ր ու որբացած նահատակներու աղաղակող

Ճիչն է անապատին մէջ արձագանգող...

Կը գոռան վրէ՜ժ, աղջամուղջին մէջ մահատարած,

Կը ցանկան լոկ՝ չմոռցուի՜լ աշխարհէն անյիշաչար...

Կը պարեն գեհենական պար մը՝

Իրենց սիրելիներուն ըղձակաթ...

Հո՜ն են անոնք...

Բոցավառուող յուշե՜րը մեր ցեղին...

2010