ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՆՈՅՆՆ Է...

Կանգնած պատուհանի ետին

Կը դիտեմ մարդիկը շփոթահար,

Կը փախչի՜ն միշտ...

Մերթ անձրեւէն, կարկուտէն,

Մերթ ռումբերէն ու մահուան սոսկումէն,

Ու երբեմն ալ... հարցերէն անլուծելի,

Կեանքի բազում խռովքներէն ու տագնապներէն

Նսեմացած, կը փախչի՜ն միշտ...

Աշխարհն է ու նոյն մարդիկը շփոթահար,

Առեղծուած մը անպատասխան,

Հարցական մըն է մարդը հակասական...:

Ու արեւը կրկին կը ճառագայթէ,

Ու ամայացած փողոցները կրկին կը վխտան,

Ինքնաշարժներ ու մարդիկ

Կ’ողողեն թաղը մաքրուած:

Ու ամէն ինչ նոյնն է, բնակա՜ն,

Կեանքի օրէնքն է երեւի

Սա երեւոյթը այլանդակ...:

1987