ԱՄԷՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՐՈԳՈՒՈՂ

Աստղեր տարածուած երկրի վրայ

Ու աստղեր նետուած ծովուն բացերը՝

Բիւրաւոր, լուսաւոր ու երանելի...

Քաղաքն է իմ դիմաց լուսափայլ,

Հեռուէն ան դրախտ մըն է աստուածային,

Ներսը՝ հնոց մը կրակի ու մեղքի...

Ծովուն բացած մարմինը հոլանի,

Կը ննջէ քաղաքը լո՜ւռ,

Երազելով հին օրերը փառքի.

Բարձրէն՝ հրաշք մը երազային,

անմատչելի՜,

Անոր խորը, աւա՜ղ,

լճացումն է ախտերուն երկրաւոր,

Նման պոռնիկին որ իր հրաշքին ներքեւ՝

Էութեան մէջ հազարներու թոյնն է կուտակած...

Ու երեկոյի լռութեան մէջ կը մեկնի նաւը

ճամբորդատար,

Տանելով նոր կարաւան մը գաղթողներու,

Կ’երթան յուսաբեկ, խառն ապրումներով,

Ետին ձգած սիրելիներ ու հարազատ,

Կ’երթան ետին լքած երկիր մը ողջակիզուող...

Անոնք կ’երթան օտար ու լուսաւոր ոստաններ,

Կ’երթան հազարներով, ամէն օր,

կարաւաններն անհամար,

Ետին միշտ լուսաւոր քաղաքն է երազային,

Ետին ահաբեկ սրտեր, վիշտն ու տուայտանքն

է մնացողներու,

Ետին պատերազմի չարաշուք վճիռն է

յամառօրէն շարունակուող,

Մահուան գիրկը առաջնորդող.

Ու ամէն երեկոյ աւելի եւս կը սպառի

Վերջին յոյսն ալ անոնց աննորոգ...:

1987