ԱՄԲՈԽՆԵՐԸ

Ուրուականներ կը քալեն փողոցէն...

Անմխիթար ամբոխներն են անոնք շուարած,

Պատերազմի արհաւիրքէն յոգնած, մաշած,

Կ’երթան դէպի անծանօթը, հիասթափուած:

Կեանքն անոնց եղաւ աղի արցունք մը,

Միայն կեղծ յոյսը մնաց խաբկանքը գոյութեան:

Մարդակերպ երեւոյթներ կը քալեն խաւարին մէջ...

Սխալ ուղղուած մարդամեքենաներու նման,

Կ’երթան մերօրեայ խլեակները

կորա՜ծ մարդկութեան:

Հոն՝ աղաղակող ցաւն է խեղդուած,

Հոն՝ տառապանքէն հաշմուած սրտերն են հանգչած.

Խե՜ղճ մարդկութիւն, եղար միշտ անիրաւուած:

Խելագար, պարտուած ամբոխներն են անոնք...

Կ’երթան իրենց մեռած աստուածներուն ընդառաջ,

Կը պաշտեն «իրենց համար ծնած ու մեռած»

Աստուածը, անզօր ու համր...

Կեանքն անոնց հեգնա՜նք մը եղաւ միայն,

Գոյութիւնը դարձաւ մղձաւանջ մը

ոչինչի համար...:

Դարերուն հետ, դարերուն ընդմէջէն,

Կ’երթան անոնք բիւրաւոր,

նոյն այդ փողոցներով,

Յիմար հաւատքով,

սին պատրանքներով,

Կաղապարուած գաղափարներով.

Կ’երթան դէպի Ապագան խորհրդաւոր,

Կ’երթան պարտուած հոգիներով՝

մահուա՜ն երախտաւոր...:

1987