ԱԿՆԹԱՐԹ ՄԸ ՄԻԱՅՆ

Փակեցի աչքերս.

Դէմքդ իսկոյն պայծառացաւ իմ դիմաց.

Ուզեցի՝ գգուես զիս

Ու ես արտասուեմ գրկիդ մէջ, երկա~ր։

Չհաւատացի՜ր՝ որքան

Փխրուն եմ դարձեր վերջերս. իսկ դուն՝

Անտարբեր կը թուէիր.

Մտքերդ ցրուած էին,

Հոգիդ՝ ալեկոծ,

Ու աչքերդ՝ միշտ հրավառ։

Առի ձեռքերդ ջերմ ու դրի զանոնք սրտիս վրան.

Սրտիս՝ որ տկարացած էր,

Վիրահատուած, տագնապներէն հիւծած,

Սպասումներէն եւ անձկութիւններէն ջլատուած,

Բիւր բեկումներով դարձած ալեւոր ու անկար։

Կ᾿ուզէի՝ փարիս ինծի

Ու մեղմես տապը սրտիս

Կ᾿ուզէի փակել աչքերս,

Մոռնալ ամէն բան,

Չլսել շշուկ ու ոտնաձայն,

Չտեսնել ոչ ոք, բացի քեզմէ,

Ու աչքերդ հեռասլաց.

Անտարբեր էիր ու թերահաւատ,

Հեռո~ւ էիր կարծես.

Իսկ ես կ᾿ուզէի արտասուել

Աղջամուղջի ցօղին նման,

Կ᾿ուզէի՝ հաւատաս վերջապէս,

Որ ես ուրի~շ անձ մ᾿եմ հիմա,

Որ քե՜զ կը ցանկայ միայն։

Բացի աչքերս, աւա~ղ չկայիր ալ…

ԲԱԳԻՆ Հոկտ.-Դեկտ. 2013, ԾԲ տարի, Թիւ 4, էջ 24-25։