ԵՐԱնԻ՜ ԹԷ…

Երանի՜ թէ մեր բազում հարցադրումներուն

Պատասխանը ըլլար այնքան հեշտ ու պարզունակ,

Ինչպէս պարզ, վճիտ ու յստակ է երկնքի

Այս լուսաւոր լուսնկան՝ գիշերին մէջ միայնակ։

Երանի՜ թէ մեր խոցուած, խճճուած առօրեան

Յանկարծ դառնար այս մերկ լերան նման յագեցա՜ծ,

Արեւուն հուրը ծծած, գիշերի լուսահամ վայելքն

Ապրած, ապա իր բնական վերջալոյսին դարձած։

Երանի՜ թէ մեր հոգիները տագնապած,

Պահ մը դուրս գային իրենց պատեաններէն ճնշուած,

Եւ ըմբոշխնէին ամբողջական մերկութիւնը բնութեան,

Քաղաքակրթութիւն կոչուած ախտէն ձերբազատուած։

Երանի՜ թէ այս աշխարհը չըլլար լոկ օթեւան,

Մարդ ինքզինք չզգար պարզ անցորդ մը՝

Պատահական, այլ անոր նայէր որպէս իր գոյութեան,

Լինելութեան կայքը վախճանական, յաւերժական։

2005