ԽՈՆԱՐՀՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՋԻՆԸ

Զարեհ Սրբազանի յիշատակին

Հերոսները կը մեռնին մէկ անգամ,

Եւ կը մեկնին ընդմիշտ...

Մեկնումն անոնց տարերային է ու միստիկ, ինչպէս

Լեռներն ի վար գահավիժող ջրվէժը՝

իր վայրագ վայնասունով,

Մամռապատ կիրճերուն անդունդները կորսուող

իր կատաղի շռնդիւնով...

Մեկնումն անոնց աղէտալի արձագանգն է՝

Կեանքի մը խորհուրդին, ունայն ու անմեկնելի,

Որ կը տուայտի մնացողներուն՝

կոտտացող հոգիներէն ներս։

Հերոսները կը մեռնին վաղաժամ

Եւ կը մեկնին լո՜ւռ ու վտարանդի...

Մեկնումդ տարբեր չեղա՜ւ, Սրբազա´ն...

Մեկնեցար վաղահաս, անտարբեր մաքառումներէ ետք,

Հրաժեշտդ նմանեցաւ հերոսներու մեկնումին

Տարերային, նման՝ աղմկարար ջրվէժին։

Ո՜չ ոք գիտցաւ ի՜նչ կը խորհէիր՝

Երբ հասաւ ժամը հրաժեշտի, այս աշխարհէն անիրաւ,

Ո՜չ ոք տեսաւ ի՜նչ տխրութիւն պատեց հոգիիդ՝

Երբ հասած էր ճշմարտութեան պահը ամեհի.

Ո՜չ ոք գիտէ ի՜նչ ցաւեր թաղեցիր քեզի հետ՝

Ու մնացին անոնք անթեղուած խորքը սրտիդ.

Ժայթքեցին որպէս մահացու ախտ ներսիդիդ,

Ու տարիր զանոնք լո՜ւռ ու միայնակ,

որպէս ճակատագրի հեգնանք,

Յոբի յամառ համբերութեամբ։

Բայց ափսո՜ս...

Եկած էր ժամը հրաժեշտի...

Գուցէ հաշտուած էիր դառն իրողութեան հետ,

Որ կատակ չէր ալ, ոչ ալ՝ անցողիկ հիւանդութիւն,

Այլ վատագոյնը ախտերուն, որ կը զգետնէ միայն,

Չի բացառեր մարդոց՝ մեծի ու պզտիկի միջեւ,

Կ’ընտրէ լաւերն ու կը տանի իրեն հետ,

Կը տանի իրեն հետ, որ ալ չտառապի՜ն...

Իսկ հիմա՜...

Դամբարանէն անշուք՝ կը ծառանայ դէմքդ պայծառ,

Որպէս ապրող ոգի սրբակենցաղ,

որպէս ներշնչող բարութիւն ազնիւ,

Հերոսներուն խոնարհը,

Խոնարհներուն վերջինը...

2005

ԲԱԳԻՆ, ԽԳ. տարի, Յունիս 2005, Թիւ 2, էջ 30։