ՀԵՇՏԱՆՔ
Եթէ կամքիս բոլոր լարերը զսպանակած,
Փորձեմ վանել թարմութիւնը հեշտանքիդ,
Որ կլկլակի քաղցրահամ բոյրին նման
Կը շոյէ իմ ներսիդին հիմա.
Եթէ գինիի բաժակներ ցմրուր խմած՝
Փորձեմ թմրեցնել ուղեղն իմ ապստամբ,
Չմտածել երբէք քու մասին,
Չերգել մարմաջդ իմ մէջ ծառացած,
Գիտե՜մ, ապարդիւն պիտի մնան ճիգերս համակ:
Դուն կը մնաս մտքիս ջղագրգիռ հիւլէներուն մէջ,
Կիրքեր մտրակող ալքոլին նման խելացնոր,
Ծարաւ յագեցնող սառն աղբիւրի մը նման վարար։
Եւ եթէ մարմինս լքած՝
Հոգիս ուզէ թռչիլ հեռուները արագավազ,
Պիտի ան կրկին վերադառնայ գիրկդ՝ հլու, հնազանդ...
Բնութի՜ւնն է քեզ արարած
Որպէս անփոխարինելի յաճախանք մշտարծարծ,
Որպէս հաւասարակշռող ուժ՝ իմ խանդին հիւծած:
Ապարդիւն են ճիգերս եւ ամուլ կարծես.
Դուն անբաժան ստուերն ես քայլերուս աներեր...
Դուն կաս ու կը մնաս՝
Մինչեւ այն ատեն, որ արեւ կայ իմ կուրծքին ներքեւ...
2008
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 6-2008, էջ 31։