ԱՒԱՐՏԸ ՓՇԱՔԱՂՈՂ ՏՐԱՄԻՆ

«Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր ու շքեղ...»

Սիամանթօ

Կար ժամանակ,

Երբ թիթեղաշէն հիւղաւաններէն ծակծկուած,

Բզկտուած շորերով նօթի որբերը Եղեռնեան

Կերտեցին նոր շէներ, նոր

Սիս, Ամանոս, Մարաշ ու Ատանա...


Կար ժամանակ,

Երբ ցրտահար խլեակներէն վտարանդի

Ծնան նոր զարթօնք, ոգեղէն տաճարներ Լուսաւորչի,

Հաւատացին խո՜ր հաւատքով մը գերբնական

Վարդահեղեղ Արշալոյսին՝ ամպերէն անդին...


Եղաւ ժամանակ,

Երբ տարագիր սերունդն այդ դարձաւ փարո՜ս լուսեղէն,

Որբանոցը վերածեց մտքի դարբնոցի, կրպակը՝

արհեստանոցի,

Գրգռեց նախանձը օտարին, զարմանքը իր շրջապատին,

Միշտ երազելով իր վերադարձը կոտտացող հողին...


Ու եղաւ պատերազմ, եղան աւեր ու նոր գաղթ,

Մնաց կա´մքը, հայուն հպարտութի՜ւնը անտեղիտալի,

Տոկաց բոլոր զրկանքներուն, կերտեց կրկին տենդագին,

Նոր ու փառահեղ տուներ ու աւաններ նախանձելի,

Քարը վերածեց կոթողի, կաշին պաստառի, լարը մեղեդիի...


Բայց բան մը փոխուեցաւ եթերին մէջ յանկարծ.

Հայը դարձաւ անտարբեր երէկի իր մեծ երազին...

Թօթափեց իր հպարտ ուսերէն բեռը անցեալի,

Զայն նկատելով նոր օրերուն անյարիր պատմուճան...

Մեռաւ տագնա՜պը հայու վտարանդի հոգիին,

Կարծեց հասած ըլլալ իր պայքարի աւարտին։

Վար դրաւ իր զրահները ճանապարհի կէսին,

Տաքուկ իր երդիքին տակ ընտելացաւ իր շրջապատին,

Ու իր շրջապատը դարձուց իր տունը վերջին։

Մարեցաւ Երազը ծովէ ծով Հայաստանին,

Մոռցուեցան առ յաւէտ հիւղաւանները թիթեղաշէն.

Ամօթի քօղով ծածկուեցան անցեալի յուշերը դառն,

Ու հիմա կը մարին փարոսնե՜րը ետեւ-ետեւի,

Վարագոյրը կ’իջնէ. աւարտն է՝ փշաքաղող տրամին...։

2005