ԱՐՏԱՍՈՒԵՑԻ…

Քալեցի փողոցներէն օտար,

Տեսայ ամբոխը խորթ, բիրտ ու խոժոռ

Ու տխրեցայ...

Կարդացի գիրքեր շատ,

Չկրցայ վանել տգիտութիւնս անեզր

Ու տխրեցայ...

Սրբեցի քրտինքը իմ ճակտին,

Չքաղեցի պտուղը կրքոտ հեւքիս

Ու տխրեցայ...

Նայեցայ հորիզոնէն անդին,

Տեսայ Հայրենիքն իմ ազատագրուած

Եւ արտասուեցի ուրա՜խ...։

2004